«Վերջերս մարդիկ քեզ կոչեցին Աստուած եւ կիսաստուած։ Գիտեմ որ ամէնաշատը դուն պիտի ընդվզէիր նման գնահատանքէ։ Քաւ լիցի, մենք նոր Աստուածներու պէտք չունինք։ Բայց քեզ կիսաստուած կոչողները բարի մարդիկ են ու քու կարիքդ կը զգան աւելի քան երբեք։ Համատարած դրամատիրութեան տակ կքած՝ անոնք պէտք ունին ինչքը արհամարհող, մարդ արարածի բարօրութեան համար տքնող անաչառ ղեկավարի։ Քեզի պէս։ Պէտք ունին մարդու մը, որուն համար հայրենիքին ու իր ժողովուրդին շահերը ամէն բանէ վեր են։ Մարդ, որմէ դասեր քաղենք, հիացման ու փառքի արտահայտութիւններէն անդին։
Ինչպէ՞ս ներկայացնեմ քեզ, Մոնթէ։ Տարիներ առաջ մեր մտերիմին տուած աս հարցին դուն պատասխանեցիր «ոչ մէկ ձեւով»։ Քու լեզուովդ այս կը նշանակէր որ պէտք է գործովդ գնահատականդ տանք։ Փառաբանութիւնը քեզի համար չէր։
Գործունէութեանդ հետեւող մարդիկ աղբիւրներ ունին անցեալդ պրպտելու։ Ինքդ յատկապէս չէիր սիրեր ըրած լաւ բաներուդ մասին խօսիլ։ Իսկ երբ կարգը գար սխալներուդ, ամէնախիստ դատողը նախ եւ առաջ դուն էիր»։
https://hetq.am/hy/article/83823

Մոնթէ, հրաշքդ պարզութեանդ մէջ է ու հաւատարմութեանդ՝ քու սկզբունքներուդ։ Անկեղծութեանդ մէջ է եւ նուիրումիդ։ Քու հմայքդ կեանքը լիովին…